03 Ekim 2016
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ, սուրիական պատերազմէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու նպատակով մօտիկ ապագային երկու օդանաւ պիտի առաքուի Սուրիա` մարդասիրական օգնութեամբ լեցուն:
Այս մասին նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ Հայաստան շատ մտահոգ է վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ պատերազմական իրավիճակի յաւելեալ սրումէն:
«Յատուկ անհանգստութիւն կը պատճառէ յատկապէս Հալէպի, այդ կարգին նաեւ հայաբնակ թաղամասերու խաղաղ բնակչութեան դէմ զէնքի խիստ դատապարտելի կիրարկումը, որուն հետեւանքով կան մարդկային մեծաթիւ կորուստներ:
Մեր խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու եւ տուժածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:
Յոյս կը յայտնենք, որ սուրիական տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերը աւելի վճռական կ՛ըլլան ահաբեկչութեան դէմ միասնական պայքարին մէջ եւ հաստատուն` բանակցութիւններու միջոցով խաղաղութեան վերականգնման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: