30 Eylül 2016
Հայաստանի մէջ վերջերս սկսաւ «Կողբ-ԹՈՒՄՕ» նախագիծի գործադրութիւնը: Շնորահանդէսի ընթացքին «Կողբ» հիմնադրամի տնօրէն Արթուր Աբովեան եւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան ներկայացուցին «Թումօ-Կողբ» նախագիծիՆ մանրամասնութիւնները: Ըստ անոնց, Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղին մէջ պիտի կառուցուի առնուազն 600 ուսանողի համար նախատեսուած նոր «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն, որ պիտի ծառայէ նաեւ սահմանամերձ Նոյեմբերեան, Բերդաւան եւ այլ շրջաններու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Կեդրոնի կառուցումը պիտի սկսի նոյեմբերին, իսկ ուսումնական հոլովոյթը` 2018 թուականին: Կրթական ծրագիրը պիտի չտարբերի Երեւանի, Դիլիջանի, Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի «Թումօ»-ներուն մէջ գործադրուող ծրագիրէն, իսկ դասաւանդող անձնակազմը եւ միջազգային մասնագէտները պիտի շարունակեն փոխանակել իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները նաեւ այստեղ:
«Վերջին տարիներուն «Եուքոմ» հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ կրթական համալիր ծրագիներ դպրոցական տարիքի երեխաներու համար: Քաջ գիտակցելով զանազան բնակավայրերու մէջ անոնց անհամաչափ կարելիութիւնները, մենք ուշադիր ենք յատկապէս բարձր արհեստագիտութիւններու սահմանափակ մատչելիութեամբ բնակավայրերու նկատմամբ: Իբրեւ հայկական ընկերութիւն` «Եուքոմ» այսօր բոլոր ջանքերը կ՛ուղղէ հայրենիքի, հայ մարդու եւ մասնաւորապէս` հայ պատանիներու զարգացման», ըսաւ «Եուքոմ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Հայկ Եսայեան:
«Կողբ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեան ըսաւ. «Օրեր առաջ նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը: Այս նախաձեռնութիւնը նոր քայլ մըն է մեր պետութեան անկախութեան ամրապնդման ուղղութեամբ»: