28 Eylül 2016
Թուրքիա կ՛արագացնէ Սուրիոյ սահմանին «անվտանգութեան պատ» կոչուող նախագիծի ընթացքը, որու ծիրէն ներս Սուրիոյ սահմանին արդէն կառուցուած 200 քմ․ երկարութեամբ պատին պիտի աւելացուի եւս 700 քմ․: Կը նախատեսուի ամբողջութեամբ ծածկել Թուրքիոյ` Սուրիոյ հետ ունեցած 911 քմ․ երկարութեամբ սահմանը:
Ըստ թրքական «Milliyet» թերթի կայքին` պատը պիտի կառուցուի 2մ երկարութեամբ եւ 3մ բարձրութեամբ սիմենթէ կաղապարներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը 7 թոն կը կշռէ: Կառավարութեան կից պետական բնակարանաշինութեան վարչութեան (TOKİ) կողմէ կառուցուող պատին համար պիտի ծախսուի մօտ 2 միլիառ թրքական լիրա (663 միլիոն տոլար):
Կը նշուի, որ այս պատը իր երկարութեամբ աշխարհի մէջ երրորդ ամենածաւալուն շինութիւնը պիտի ըլլայ չինական պարիսպէն ու ԱՄՆ-Մեքսիքա սահմանին կառուցուած պատէն ետք: Կը նախատեսւուի պատի շինարարութիւնը աւարտել 5 ամսուայ ընթացքին, կը տեղեկացնէ ermenihaber.am-ը: