28 Eylül 2016
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Ռաքքան ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու համար սուրիացի քիւրտերու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն հետ գործակցութիւնը կը վտանգէ Սուրիոյ ապագան»:
Ան ըսաւ, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու կարգ մը տարրեր տակաւին կը գտնուին Եփրատ գետի արեւմտեան ափը գտնուող Մընպեժ քաղաքին մէջ, հակառակ Անգարայի շարունակ շեշտելուն, որ անոնք պէտք է հեռանան, եւ ամերիկեան վստահեցումներուն, որ այդ հեռացումը կը կատարեն:
Չաւուշօղլու քննադատեց Ուաշինկթընի գործակցութիւնը «անվերահսկելի խմբաւորումի մը հետ»:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելը հաւաքական սպանդի ոճիրներուն, քաղաքներու քանդումին եւ հազարաւոր տեղահանուածներուն դէպի Թուրքիա եւ այլ երկիրներ հոսքը կասեցնելու միակ ընտրանքն է»:
Ան ըսաւ, որ ապահովական գօտին քաղաքայինները պիտի պաշտպանէ «Սուրիոյ մէջ գտնուող երկու հրէշներէն` սուրիական վարչակարգէն ու ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումէն»:
«(Սուրիական) վարչակարգը օրական կրակ կը թափէ Հալէպի վրայ` պատերազմական օդանաւերով ռմբակոծելով, պայթուցիկ տակառներ նետելով եւ աջակցութիւն ստանալով Ռուսիայէն, Իրանէն եւ Հըզպալլայէն», նշեց Քալըն: