Ռաքքայի Գործողութեան Պիտի Չմասնակցինք, Եթէ Քիւրտերը Անոր Մասնակցին Կ՛ըսէ Քալըն - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

23 Eylül 2016  

Ռաքքայի Գործողութեան Պիտի Չմասնակցինք, Եթէ Քիւրտերը Անոր Մասնակցին Կ՛ըսէ Քալըն -

Ռաքքայի Գործողութեան Պիտի Չմասնակցինք, Եթէ Քիւրտերը Անոր Մասնակցին Կ՛ըսէ Քալըն Ռաքքայի Գործողութեան Պիտի Չմասնակցինք, Եթէ Քիւրտերը Անոր Մասնակցին Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին բացառեց Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքի ուժերուն շղթայազերծելիք որեւէ գործողութեան, որուն կը մասնակցին նաեւ քիւրտերը` աւելցնելով. «Բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ տակաւին յստակ ոչինչ կայ»:

«Մեր կեցուածքը, որ կը նկատենք անփոփոխ, Մընպեժի եւ Ժարապլոսի մէջ մեր ունեցած նոյն կեցուածքն է: Բացառուած է, որ մասնակցինք գործողութեան մը, որուն մաս կը կազմեն քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը կամ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները», ըսաւ Քալըն:

«Սկզբունքով մենք կը զօրակցինք Ռաքքան եւ սուրիական միւս քաղաքները ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատելուն, սակայն ինչպէս նախապէս ըսինք, այդ առնչութեամբ սկզբունքներ եւ պայմաններ ունինք», նշեց Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+