21 Eylül 2016
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձի առթիւ նախագահ Սերժ Սարգսեան տիկնոջ հետ այսօր երեկոյեան Երեւանի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուած է Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի մասնակցութեամբ կատարուած Հանրապետական մաղթանքին:
Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն: