Թուրքիոյ Մէջ Սեբաստիոյ Իսլամացած Հայերու Մասին Պատմող Գիրք Մը Լոյս Տեսած է - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

18 Eylül 2016  

Թուրքիոյ Մէջ Սեբաստիոյ Իսլամացած Հայերու Մասին Պատմող Գիրք Մը Լոյս Տեսած է -

Թուրքիոյ Մէջ Սեբաստիոյ Իսլամացած Հայերու Մասին Պատմող Գիրք Մը Լոյս Տեսած է Թուրքիոյ Մէջ Սեբաստիոյ Իսլամացած Հայերու Մասին Պատմող Գիրք Մը Լոյս Տեսած է

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է պատմական Սեբաստիա նահանգի Զարա շրջանի փրկուած հայերու մասին պատմող «Դերձակ Վարդանուշի յիշողութիւնները» գիրքը, կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով «ակօս»-ը:

Գիրքին հեղինակ Աւետիս Օլկունը, որ գրի առած է իր մայրիկի յիշողութիւնները, 1940-ականներուն իր մանկութիւնը անցուցած է Զարայի մէջ:

zarali-kapak

Աւետիս Օլկունը գիրքին մէջ ներկայացուցած է սեբաստացի հայերուն շուրջ 100-ամեայ պատմութիւնը` 1915-էն մինչեւ մեր օրերը:

Գիրքին մէջ Օլկունը կը պատմէ, թէ ինչպէս իր ընտանիքը Ցեղասպանութեան տարիներուն փրկուած է կոտորածէն, այնուհետեւ 1950-ին գաղթած Սթամպուլ` կրօնական ճնշումներու հետեւանքով: Հեղինակը անդրադարձած է ծպտուած հայերու հանդիպած կրօնական եւ ընկերային խտրականութիւններուն, ժամանակին գործ գտնելու եւ մահմետական հասարակութեան մէջ ընդելուզուելու դժուարութիւններուն:

zara-vartanus1

«Ակօս» թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Աւետիս Օլկունը նաեւ նշած է, որ Սեբաստիոյ մէջ բոլորը կը ճանչնան կրօնափոխ հայերը: Ըստ անոր` կրօնափոխ հայերու ու միւս մահմետականներու միջեւ ամուսնութիւններ շատ քիչ տեղի կ՛ունենային, եւ հայերը կը նախընտրէին ներհամայնքային ամուսնութիւններ կազմակերպել:

Ստորեւ կը ներկայացնենք տպագրուած գիրքէն հատուած մը.

«Աստուած թող ոչ ոքի սովի միջոցով չդաստիարակէ: Այս սովէն եւ դժբախտ վիճակէն շատ հայեր գացին կողքի գիւղերը, գետի ափին տուներ կառուցեցին: Այս ամէնը գրելու համար շատ է: Այնքան թրքական գիւղեր կան, որ որպէս երկրորդ կամ երրորդ կին` հայուհիներ կ՛առնէին: Զարայի մօտ, Տեւեքսէ գիւղին մէջ չկար տուն մը, որ փախցուցած հայ կին չունենար: Մեր աւանին մէջ 3 մեծ հայկական գերդաստան ամբողջովին մահմետականացաւ: Անոնց կիները ալ հայ են: Անոնք մզկիթէն դուրս չեկող մարդիկ են, առաւօտէն երեկոյ նամազ կ՛ընեն: Ինչ ալ ընեն` անոնց կեաւուր կ՛ըսեն: Երբ տեղ մը երթան, ըսեն Ահմեդն եմ, Պեքիրն եմ, ոչ ոք կը ճանչնայ։ Հաա, կեաւուր Պեքիրը, կեաւուր Ահմետը պիտի ըսեն, որ ճանչնան:

«Կ՛երթան աղջիկ ուզելու: Չեն տար: Կը լսէի, թէ ինչպէս Ահմետն ու կինը կու լային դրան մօտ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+