Փութին Էրտողանին 7 Պայման Առաջադրած Է, Մէկը՝ Արցախին Առնչուող - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

02 Eylül 2016  

Փութին Էրտողանին 7 Պայման Առաջադրած Է, Մէկը՝ Արցախին Առնչուող -

Փութին Էրտողանին 7 Պայման Առաջադրած Է, Մէկը՝ Արցախին Առնչուող Փութին Էրտողանին 7 Պայման Առաջադրած Է, Մէկը՝ Արցախին Առնչուող

Թրքական «Սիւճէ» թերթի սիւնակագիր Ճան Աթաքլը 31 Օգոստոսին հրապարակած իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Ռուսիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած Փութին-Էրտողան հանդիպման՝ ներկայացնելով ուշագրաւ մանրամասնութիւններ:

Սիւնակագիրը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահը Թուրքիոյ նախագահին առաջադրած է 7 կարեւոր նախապայմաններ, որոնց լուծման պարագային երկկողմանի յարաբերութիւնները վերջնականապէս պիտի կարգաւորուին: Ըստ Աթաքլըի՝ առաջարկները հետեւեալներն են.

Սուրիոյ նկատմամբ ձեր վարած քաղաքականութիւնը ի սկզբանէ սխալ ընթացած է: Մենք Ասատը կը պաշտպանենք, դուք ալ ձեր յամառութենէն հրաժարեցէք եւ ճանչցէք Ասատին օրինականութիւնը:

Ղարաբաղը մեզի համար շատ կարեւոր է: Գիտենք նաեւ, որ ձեզի համար ալ՝ Ատրպէյճանի պատճառով կարեւոր է, սակայն այս հարցին մէջ զսպուածութիւն ցուցաբերեցէք: Այս խնդիրը լուծման կարիք ունի: Մեզի հակառակելով՝ խնդիրը լուծելու փոխարէն աւելի՛ կը բարդացնէք:

Խրիմի հարցով կը պաշտպանէք մեզի դէմ իրականացուող քայլերը։ Նոյնը կ՛ընէք Կովկասի որոշ երկիրներու մէջ: Սխա՛լ է։ Նման քայլեր կը խոչընդոտեն յարաբերութիւններուն բնականացումը:

Մենք գիտենք, որ ձեր գործակալները Կեդրոնական Ասիոյ մէջ աշխատանքներ կ՛իրականացնեն՝ փորձելով տարածաշրջանի ժողովուրդները մեզի դէմ լարել: Վերջ տուէ՛ք այս ընթացքին:

Մինչ Սուրիոյ մէջ միակ վտանգը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնն է, դուք ուշադրութիւն կը հրաւիրէք Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան վրայ: Այս կուսակցութիւնը մեզի համար ալ կարեւոր է: Որեւէ քայլ մի՛ առնէք, հակառակ պարագային՝ տարածաշրջանը անցանկալի իրադարձութիւններու թատերաբեմ կրնայ դառնալ:

Վերջ տուէք դէպի Սուրիա զէնք եւ զինամթերք ուղարկելուն: Ձեր սահմանները բաց են ահաբեկչական կառոյցներու եւ Ռուսիոյ շահերուն դէմ հանդէս եկողներու առջեւ:

Շարք մը թուրք նախարարներու եւ պաշտօնատարներու հակառուսական յայտարարութիւնները մեզ չափազանց կ՛անհանգստացնեն: Յատկապէս օդանաւի զգետնումէն ետք կատարուած որոշ յայտարարութիւններ չե՛ն մոռցուած: Կը խնդրեմ, որ այսուհետեւ աւելի զուսպ ըլլան անոնք։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+