01 Eylül 2016
ՌԻԱ Նովոսթի կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հրամայած է ուժեղացնել պաշտպանութիւնը այն տարածքներուն, զորս ազրպէյճանցի զինուորները գրաւած էին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին:
Հասանով այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին:
Հրամայուած է ապահովել զօրամասերը զինամթերքով եւ պաշտպանական սպառազինութեամբ, բարձրացնել զինուորներուն մարտունակութիւնը: