24 Ağustos 2016
Քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութենէն աղբիւրներ եւ ականատեսներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հասաքէ քաղաքին մէջ յարձակում շղթայազերծած են սուրիական բանակին դէմ:
Յարձակումէն առաջ քիւրտերը կառավարամէտ ուժերուն յանձնուելու կոչ ուղղած են:
Յարձակում շղթայազերծուած է 21 օգոստոսի կէս գիշերէն ետք, Նաշուայի շրջանին մօտ` սուրիական իշխանութիւններու շէնքերէն ոչ հեռու:
ԱՖՓ նախապէս հաղորդած էր, որ սուրիական բանակն ու քրտական ուժերը Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ձեռք ձգած են զինադադար մը եւ բոլոր գրաւուած վայրերը սուրիական իշխանութիւններուն վերահսկողութեան վերադարձնելու որոշում: Զինադադարը պէտք է սկսի 24 օգոստոսին, սակայն քրտական ուժերը հերքած են որեւէ համաձայնութեան ձեռքբերումը:
«Մայատին» իր կարգին կը հաղորդէ, որ քրտական ուժերը շարք մը ճակատներու վրայ յարձակում շղթայազերծելով Հասաքէի մէջ գրաւած են կարգ մը դիրքեր: Անոնք մասնաւորաբար յարձակում գործած են Ղուէյրան Շարքի թաղամասին ուղղութեամբ, ուր գրաւած են տնտեսութեան կաճառը, Անյայտ զինուորի հրապարակը եւ յառաջացած Իթիսալաթի եւ Սալա Ռիատիյայի ուղղութեամբ` օգտագործելով հրասայլեր: