02 Ağustos 2016
Հիւրրիյէթ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի ձախող փորձին ժամանակ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ձերբակալելու փորձին մասնակից զինուորները յայտնաբերուած են ու ձերբակալուած:
Մասնայատուկ ուժերու անդամ նշեալ զինուորները յարձակում գործած էին Մարմարիսի մէջ գտնուող այն պանդոկին դէմ, ուր կը գտնուէր Էրտողան: Վերջինս կարճ ժամանակ առաջ յաջողած էր հեռանալ պանդոկէն: Յեղաշրջումի փորձի ձախողութենէն ետք, նշեալ զինուորները դիմած էին փախուստի:
Զինուորներէն ինն ձերբակալուած են Մուղլայի մէջ 31 յուլիսին, իսկ երկուքը` 1 օգոստոսի առաւօտեան: