Անգարա Եւրոպական Միութենէն Կը Պահանջէ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւն Սահմանել Հոկտեմբերէն Ոչ Ուշ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

02 Ağustos 2016  

Անգարա Եւրոպական Միութենէն Կը Պահանջէ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւն Սահմանել Հոկտեմբերէն Ոչ Ուշ -

Անգարա Եւրոպական Միութենէն Կը Պահանջէ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւն Սահմանել Հոկտեմբերէն Ոչ Ուշ Անգարա Եւրոպական Միութենէն Կը Պահանջէ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւն Սահմանել Հոկտեմբերէն Ոչ Ուշ

ՌԻԱ Նովոսթի կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարա Պրիւքսէլէն կը պահանջէ Եւրոպական Միութեան երկիրներու եւ Թուրքիոյ միջեւ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն հաստատել հոկտեմբերէն ոչ ուշ:

«Ատիկա կրնայ ըլլալ հոկտեմբերի սկիզբը կամ կէսը, սակայն մենք կ’ակնկալենք, որ պիտի հրապարակուի յստակ թուական», ըսած է ան:

Չաւուշօղլու զգուշացուցած է, որ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը չհաստատելու պարագային Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլայ հրաժարելու գաղթականները իր տարածքին մէջ պահելու ծրագիրի գործադրութենէն:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը մանրամասնէ, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Թուրքիան ընթացիկ տարուան մարտին համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ Անգարա իր տարածքին մէջ պահէ Միջին Արեւելքէն եկող տեղահանուածները, որուն դիմաց Պրիւքսէլ Թուրքիոյ պիտի վճարէ քանի մը միլիառ եւրօ, ինչպէս նաեւ առանց արտօնագիրի մուտքի դրութիւն պիտի հաստատէ այդ երկրի քաղաքացիներուն համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+