02 Ağustos 2016
Թուրքիա դատապարտած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարանին տուած այն վճիռը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կ’արգիլէ տեսաձայնային կապի միջոցով դիմել Քէօլն քաղաքին մէջ հաւաքուած իր տասնեակ հազարաւոր համակիրներուն:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները վերոյիշեալ դատավճիռը «անընդունելի» որակած են:
Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է. «Մեզ կը հետաքրքրեն իրական դրդապատճառները, թէ ինչո՛ւ Գերմանիոյ իշխանութիւնները չարտօնեցին նախագահին կապ հաստատել իր համակիրներուն հետ: Եւ այս հարցով մենք գերմանական կողմէն կ’ակնկալենք լիարժէք բացատրութիւն»:
Բրիտանական օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ նշեալ հաւաքը տեղի ունեցած է 16 յուլիսի գիշերը, Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձի տապալումէն ետք:
Կը նշուի, որ Քէօլնի մէջ Էրտողանի հաւաք կազմակերպած համակիրներուն թիւը հասած է 40 հազարի:
«Արապիյա» իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները այս հարցով իրենց մօտ կանչած են Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան գործավարը: