23 Temmuz 2016
ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը սպառնացած է Ֆրանսայի մէջ յաւելեալ յարձակումներ գործել:
ՏԱՀԵՇ-ի երկու անդամներ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած տեսերիզի մը մէջ ֆրանսերէն պատգամ մը յղելով` սպառնացին Ֆրանսայի մէջ յարձակումներուն առումով մագլցում արձանագրել:
ՏԱՀԵՇ-ի երկու անդամները նախքան «լրտես» մը գլխատելնին շնորհաւորեցին Նիսի մէջ 84 զոհ պատճառած յարձակումին հեղինակը` նշելով, որ իրենց գործած այդ մահապատիժը Ֆրանսային ուղղուած պատգամ մըն է:
Անոնցմէ մէկը խօսքը Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին ուղղելով սպառնաց Ֆրանսայի մէջ «յարձակումներուն առումով մագլցումի դիմել»: