26 Haziran 2016
Շաբաթ 25 Յունիս 2016-ի առաւօտեան, Ծիծեռնակաբերդի Թանգարանը այցելելէ ետք Սրբազան Հայրը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը մեկնեցան Գիւմրի ուր ժամանեցին 10.35-ին եւ անմիջապէս ուղղուեցան Վարդանանց հրապարակ, ուր Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ քաղաքապետի եւ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսին ու Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսին կողմէ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց այնտեղ համախմբուած մանուկներն ու երիտասարդները եւ ուղղուեցաւ աւանդատուն եւ ժամը 11-ին Վարդանանց հրապարակին վրայ մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ պատարագը, մասնակցութեամբ աւելի քան 15 հազար հաւատացեալներու, Արհիապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին ու կաթողիկէ եւ առաքելական եպիսկոպոսներ ու կղերականներ։
Արարողութեան սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ապա տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի զոհի արարողութիւնը որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն փոխանցեց յաւուր պատշաճի քարոզը։
Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Հայաստանի Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը` բարի գալուստի խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին։