26 Haziran 2016
ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի ընդունելութիւնը, որ նախատեսուած է հանդիպում ՀՀ իշխանութիւններու, հասարակայնութեան եւ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներու հետ: Մինչ այդ, նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Սրբազան Քահանայապետը ՀՀ նախագահի նստավայրի «Ոսկեզօծ» դահլիճին մէջ առանձնազրոյց ունեցան։
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեանը` Հայաստան այցի հրաւէրը ընդունելու եւ առաջին քրիստոնեայ երկիր այցելելու, մեր հինաւուրց հողին եւ բազմաչարչար ժողովուրդին օրհնութիւն եւ ջերմութիւն բերելու համար:
Հանդիպումէն ետք, արարողակարգի համաձայն, տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: ՀՀ նախագահը Հռոմի Պապին նուիրեց «Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուած Աստուածաշնորհ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի պրոնզէ արձանիկը:
Նախագահի նստավայրին մէջ Սրբազան Քահանայապետի այցին ժամանակ թողակուեցաւ եւ «Հայփոստ»-ի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի այցը Հայաստան» թեմային նուիրուած մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ եւ չորս նամականիշ, որոնք ձեւաւաւորուած են խաչի տեսքով` մէկ մանրաթերթի մէջ: Հանրապետութեան նախագահը զանոնք եւս նուիրեց Ֆրանչիսկոս Պապին:
Մէկ նամականիշով գեղաթերթիկը կը պատկերէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարի եւ Հռոմի Սրբ․ Պետրոս տաճարի խորապատկերին, ինչպէս նաեւ Պապի հայաստանեան այցին նուիրուած տարբերանշանը եւ Ֆրանչիսկոս Պապի զինանշանը: Չորս նամականիշով մանրաթերթի խաչի տեսքով ձեւաչափը կը կրէ խորհրդանշական իմաստ` ցոյց տալով առաջին քրիստոնէական երկիր Ֆրանչիսկոս Պապի կատարելիք այցը, իսկ մանրաթերթի չորս նամականիշերը կը պատկերեն Ֆրանչիսկոս Պապին` Հայաստանի կողմէ Վատիկանին նուիրաբերած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի արձանը, Երեւանի «Հայաստանը առաջին քրիստոնէական պետութիւն» անուանումով յուշարձանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարի եւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի գմբէթներու ներսի խորապատկերները:
Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան կողմէ թողարկուած է Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի Հայաստանի Հանրապետութիւն այցին նուիրուած յուշամետալ: Ֆրանչիսկոս Պապը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանէն նուէր ստացած է նաեւ այդ յուշամետալը, որուն մէկ կողմը` Խոր Վիրապի վանքն է Արարատ լերան ֆոնի վրայ եւ Ֆրանչիսկոս Պապի այցի թուագրումը, իսկ միւս երեսին` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի արձանը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի արտաքին որմնախորշին մէջ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զինանշանները:
Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին նուիրած է Հայաստանի Հանրապետութիւն իր այցի առիթով յատուկ պատրաստուած յուշամետալի մայր օրինակը: