16 Haziran 2016
Յունահայութիւնը, Արցախահայութեան կողքին գտնուելու առաջադրանքով, Կիրակի՝ 22 Մայիս 2016ին, Յունաստանի տարածքին կազմակերպուած Ֆոնեթոն-դրամահաւաքով, իր գործնական աջակցութիւնը բերաւ Արցախի օժանդակութեան համահայկական արշաւին:
Համախմբուածութեամբ կատարուած այս աշխատանքէն արդէն գոյացած է աւելի քան 63.000 եւրոյի գումար: Մեր հայրենակիցները փութացին իրենց տուած խոստումները կատարելու՝ շուտով փոխանցելով գումարները կազմակերպիչ յանձնախումբին:
Կը խնդրենք, որ մնացեալ խոստումներն ալ փոխանցուին՝ մամուլով յայտարարուած դրամատան հաշիւին ALPHA BANK (IBAN) GR 02 0140 1140 1140 0200 2005 300, Հայ Կապոյտ Խաչի հաշուեհամարով, նուիրատուի անուն-ազգանունի արձանագրութեամբ, կամ՝ հեռաձայնելով «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան. հեռ. 210 9575011 եւ Հայ Կապոյտ Խաչի գրասենեակ. հեռ. 210 9574973:
Ֆոնեթոնէն գոյացած գումարը լաւագոյնս օգտագործելու եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը ապահովելու նպատակով՝ արդէն խորհրդակցութեան ու կապի մէջ ենք Արցախի իշխանութիւններուն հետ, իրենց հաւաստիացնելով, թէ Արցախի դժուար այս օրերուն, ճակատի վրայ մարտնչող մեր զինուորներու եւ Արցախի քաջարի ժողովուրդի կողքին կանգնած է յունահայութիւնը՝ իր բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնը բերելով Արցախի զօրակցութեան սրբազան գործին:
Ջերմ շնորհակալութիւն բոլոր մեր հայրենակիցներուն, որոնք կը շարունակեն ապրիլ՝ Արցախի պաշտպանութեան ու զարգացման ուղղուած անմիջական ու գործնական աջակցութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելով բոլոր ծրագիրներուն:
Գոյացած գումարի վերջնական պատկերի եւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ կատարուած դասաւորումներուն կապակցութեամբ, մամուլի ճամբով պիտի շարունակենք անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցել հանրութեան։
Արցախի Օժանդակութեան Ֆոնտի յանձնախումբ