Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումը Պէտք Է Շարունակուի Հակառակ Առկայ Դժուարութեանց» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

15 Haziran 2016  

Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումը Պէտք Է Շարունակուի Հակառակ Առկայ Դժուարութեանց» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս -

Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումը Պէտք Է Շարունակուի Հակառակ Առկայ Դժուարութեանց» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումը Պէտք Է Շարունակուի Հակառակ Առկայ Դժուարութեանց» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 13 յունիս 2016-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընդունելով Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանն ու պետական երեսփոխան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ժիրայր Ռէյիսեանը, շեշտեց «վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնելու ձգտող աշխատանքները շարունակելու հրամայականը»: Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ բարձր գնահատեց առաջնորդ սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն` երկրին մէջ ստեղծուած դժուար պայմաններուն մէջ. «Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու կոչուած հայ հոգեւորականը հաւատքով եւ նուիրումով պէտք է իրագործէ իր առաքելութիւնը` մանաւանդ կեանքի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ: Այս գիտակցութեամբ կը կազմաւորուի հայ հոգեւորականը Անթիլիասի մէջ: Ուրախ եմ, որ առաջնորդ սրբազանին կողքին մեր հոգեւոր հայրերը եւս նոյն նախանձախնդրութեամբ կը ծառայեն մեր ժողովուրդին` Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր խոր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր աշխարհական պատասխանատուներուն, որոնք զանազան մարմիններու ճամբով իրենց կարելին կ՛ընեն հասնելու մեր ժողովուրդի կարիքներուն: Վեհափառ հայրապետը մասնաւորաբար ողջունեց մեր ընտանիքներու ապահովութեան հսկող երիտասարդ տղաքը, որոնք ընտանիք ու գործ ձգած մնայուն ներկայութիւն են մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, մի՛շտ պատրաստ` հասնելու մեր ընտանիքներու կարիքներուն:

Առաջնորդ սրբազանը եւ երեսփոխան Ռէյիսեան լայն զեկուցում տուին վեհափառ հայրապետին ընդհանրապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան ու յատկապէս մեր գաղութի առնչուած խնդիրներուն մասին: Արամ Ա. կաթողիկոս թելադրեց անոնց, որ այս ուղղութեամբ նաեւ տեղեակ պահեն մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի անոնք կարենան մօտէն հետեւիլ Սուրիոյ հայութեան թէ՛ դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ թէ՛ վերականգնումի գծով տարուած աշխատանքներուն: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց սուրիահայութեան աջակցելու հրամայականը` զայն նկատելով համահայկական առաջնահերթութիւն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+