05 Haziran 2016
Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մայա Քոսիանչիչ «Սփութնիք»-ին յայտարարած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը կը յորդորէ Թուրքիան եւ Հայաստանը` բնականոնացնելու յարաբերութիւնները եւ յոյսով է, որ երկու երկիրներուն միջեւ սկսի կառուցողական երկխօսութիւն, որ զանոնք պիտի բերէ լիակատար հաշտութեան:
«Եւրոպական Միութիւնը կը յորդորէ` ձեռնարկելու իսկական գործողութիւններ, որոնք պիտի նախանշեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւններու լիակատար հաշտեցման ուղին: Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին համար եւ կը խրախուսէ երկու կողմերը այդ հոլովոյթը սկսելու առանց նախապայմաններու», ըսած է Քոսիանչիչ: