23 Mayıs 2016
Թուրքիոյ մէջ Մայիս 22-ին իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում (AKP) կուսակցութեան արտահերթ համագումարի ընթացքին կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ լուրջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, կը հաղորդէ News.am-ը:
Թրքական Cumhuriyet-ի փոխանցմամբ` AKP-ի ղեկավար կազմը համարուող MKYK-ի կազմին մէջ ընդգրկուած են Էրտողանին հաճելի գործիչներ, որոնց շարքին` իր գործունէութեամբ նախագահ Էրտողանին իր հաւատարմութիւնը ցոյց տուած հայ պատգամաւոր Մարգար Եսայեան:
Նշենք, որ AKP-ի արտահերթ համագումարին կուսակցութեան նախագահ ընտրուած է միակ թեկնածու, Փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարար Պինալի Եըլտըրըմը: Ան յառաջիկային նշանակուեցաւ նաեւ վարչապետ, որ պիտի կազմէ նոր կառավարութիւն: