23 Mayıs 2016
Շաբաթ, 21 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու երկրորդ համաժողովը` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարաններուն մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
10 կուսակցութիւն Հայաստանէն եւ 5 կուսակցութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն հաւաքուած էին քննարկելու միջկուսակցական եւ համազգային նշանակութիւն ունեցող նիւթեր: Արցախի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելէ ետք համաժողովին մասնակիցները անցան գործի: Այս առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը ուղերձ յղած են համաժողովի մասնակիցներուն: Սերժ Սարգսեանն ու Բակօ Սահակեանը կարեւոր նկատած են այն փաստը, որ շատ մը հարցերու մէջ լուրջ անհամաձայնութիւններ ունենալով հանդերձ` առանցքային հարցերուն մէջ հայկական քաղաքական ուժերը համակարծիք են:
Քննարկման կարեւորագոյն նիւթերէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տագնապի լուծումն էր: Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները նշած են` արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ կան ե՛ւ ձեռքբերումներ, ե՛ւ չօգտագործուած ներուժ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ներկայացուցած է իր խօսքը: