23 Mayıs 2016
Աֆղանական կառավարութիւնը հաստատեց, որ Թալեպաններու նոր ղեկավար մոլլա Ախթար Մանսուր շաբաթ օր սպաննուած է, երբ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք մը հարուածած է անոր գտնուած վայրը: Աֆղանական գաղտնի սպասարկութիւնը նշեց, որ ան կը գտնուէր Փաքիստանի սահմանակից Քուէյթա շրջանին մէջ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը նախապէս յայտնած էր, որ թալեպաններու նոր ղեկավարը սպաննուած է Աֆղանիստան-Փաքիստան սահմանին փաքիստանեան կողմը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ մոլլա Մանսուրը «ամերիկեան ուժերուն եւ աֆղան ժողովուրդին անմիջական վտանգ մը կը ներկայացնէր»` աւելցնելով. «Մեր ուզածը խաղաղութիւն է: Մանսուր կը վտանգէր այդ ջանքը»: