Եկեղեցական Գիտելիքներ Եօթներորդ Շաբաթ Յինանց (8-15 Մայիս 2016) - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

16 Mayıs 2016  

Եկեղեցական Գիտելիքներ Եօթներորդ Շաբաթ Յինանց (8-15 Մայիս 2016) -

Եկեղեցական Գիտելիքներ Եօթներորդ Շաբաթ Յինանց (8-15 Մայիս 2016) Եկեղեցական Գիտելիքներ Եօթներորդ Շաբաթ Յինանց (8-15 Մայիս 2016)

Վերջին շաբաթն է Յինանց շրջանին։ Ինչ որ կը յատկանշէ այս շաբաթը նախ եւ առաջ` կոչումն է կիրակիին։

Կիրակի 8 Մայիսը կոչուած է Երկրորդ Ծաղկազարդ. Այս կոչումը հետեւանքն է Աւետարանի հետեւողական ընթերցումին, որով եօթներորդ կիրակին կը կարդացուի Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի աւետարանը. Այս աւետարանը կը զուգադիպի կիրակի օրուան, այնպէս որ մեր Հայրերը զայն կոչած են Երկրորդ Ծաղկազարդ։ Գլխաւոր առանցքը այս աւետարանին կը կազմէ Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։

Իսկ Յովհաննէսի աւետարանին մէջ` ճիշտ Քրիստոսի մուտքէն ետք, հեծած խոնարհ իշու մը աւանակին վրայ, ինչպէս կը նշէ աւետարանիչը, կը պատմուի դրուագը այդ մի քանի հեթանոսներուն որոնք եկած էին Երուսաղէմ, Զատկուայ տօնին առիթով, եւ որոնք մօտենալով առաքեալներուն, խնդրեցին Յիսուսը տեսնել։

Ըստ հայկական-ասորական աւանդութեան, անոնք պատգամաւորներն էին Եդեսիոյ Աբգար թագաւորին, որոնք եկած էին Քրիստոսին յանձնելու նամակ մը գրուած իրենց թագաւորի ձեռամբ եւ որուն մէջ` ան կը հրաւիրէր Յիսուսը Եդեսիա, որպէսզի զինք բուժէր ահռելի հիւանդութենէ մը, որ այդ շրջանին Արեւելքի մէջ շատ տարածուած էր, բորոտութենէն։

Գիտենք Քրիստոսի պատասխանը. Ան կը հրաւիրէ այդ պատգամաւորները ներկայ գտնուելու, այդ օրերուն` Երուսաղէմ, տեսնելու համար իր փառաւորումը, այսինքն իր չարչարանքն ու մահը խաչի վրայ, սակայն նաեւ իր փառապանծ յարութիւնը, երբ ողջ առողջ դուրս պիտի գայ գերեզմանէն։ Ահա այս բոլոր խորհուրդն է որ Յիսուս կ՛ուզէ յայտնել այդ բարի հեթանոսներուն, ըսելով հետեւեալ խորհրդաւոր խօսքը. Հասաւ ժամը երբ Մարդու Որդին պիտի
փառաւորուի։

Ծիսական գետնի վրայ, կը շարունակուին շաբթուան ընթացքին` ընթերցումները Առաքեալներու Գործերուն, ինչպէս նաեւ Յովհաննէսի աւետարանին, մինչեւ Սուրբ Հոգւոյ գալստեան տօնը, որ տեղի կ՛ունենայ Պենտեկոստէին, ասինքն Զատկէն 50 օր ետք, որ կու գայ այս տարի 15 Մայիսին։ Այս շրջանին, Սուրբ Աստուած-ի մէջ կ՛ըսուի որ համբարձար փառօք առ Հայր, փոխանակ Որ յարեար ի մեռելոց-ին։ Հայ Եկեղեցին սովոր է յինանց այս մնացած 10 օրերը տօնել Քրիստոսի Համբարձումը, որ ինչպէս ըսինք, Հայոց մօտ Քրիստոսի մեծ տօներէն մին կը կազմէ։

Ուստի գործնականին մէջ` բոլոր 10 օրերը ժամերգութիւններու մէջ կ՛երգցուին Համբարձման շարականներ, ինչպէս նաեւ սուրբ պատարագի ընթացքին` ժամամուտը համբարձման վերաբերեալ է։ Ծիսական այս տարբերութիւնը միւս ծեսէրէն մեզ կը դարձնէ իսկապէս Քրիստոսի յարութեան եկրպագուներ, որով յարութիւնը կը շարունակուի համբարձումով եւ մեզ կը հասցնէ մինչեւ Հոգեգալուստ, առանց ուրիշ որեւէ տօնակատարութեան, եթէ ոչ`Քրիստոսի փառաւորումը։
Այս 10 օրերու շրջանը սպասման շրջան մըն է Առաքեալներուն համար։ Անոնք, Յիսուսի համբարձումէն ետք` կը քաշուին Երուսաղէմի վերնատան մէջ եւ մտահոգ ու անձկագին կը սպասեն Քրիստոսի խոստացած Մխիթարիչին, որ է Սուրբ Հոգին։ Յիսուս իրենց որեւէ ժամանակ չէ որոշած, ասոր համար ալ իրենց վախը եւ մղձաւանջը շատ խորունկ է. Հիմա որ իրենց Վարդապետը իրենց միջեւ չէ այլեւս, շուարած վիճակի մէջ են եւ ուրիշ բան չեն կրնար ընել եթէ ոչ` խմբուած աղօթել։ Յիսուսի մայրը Մարիամ նաեւ իրենց մէջ կը գտնուի. Անոր ներկայութիւնը որոշ մխիթարութիւն կը ներշնչէ իրենց։

Կիրակի 15 Մայիս 2016̓ Պենտեկոստէ է. Տօն̓ Ս. Հոգւոյն Գալստեան։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+