Ազրպէյճանի Մէջ Եկեղեցին Վերածուած Է Թէյարանի - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

26 Nisan 2016  

Ազրպէյճանի Մէջ Եկեղեցին Վերածուած Է Թէյարանի -

Ազրպէյճանի Մէջ Եկեղեցին Վերածուած Է Թէյարանի Ազրպէյճանի Մէջ Եկեղեցին Վերածուած Է Թէյարանի

Ներկայիս Ազրպէյճանի վրացիներով եւ ուտիներով բնակուած Զաքաթալայի շրջանին մէջ քրիստոնէական յուշարձաններու դէմ բարբարոսական վերաբերմունքը դժգոհութիւն յառաջացուցած է տեղւոյն բնակիչներուն մօտ:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ բնակիչները stratek.az ազրպէյճանական կայքին ուղարկած են բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավար Մուպարիզ Ահմետզատէն 5-6-րդ դարու քրիստոնէական եկեղեցին դարձուցած է թէյարան:

Շրջանի բնակիչները կայքին պատմած են, որ Զաքաթալայի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավար նշանակուելէ ետք, Մուպարիզ Ահմետզատէ ոչ միայն վերցուցած է շրջանի կանաչ տարածութիւնները, տեղը առեւտրական կեդրոններ կառուցած, այլ նաեւ նոյնիսկ շրջանի պատմական յուշարձանները յանձնած է տարբեր անձերու տնօրինումին, եւ սկսած զանոնք օգտագործել իբրեւ առեւտուրի աղբիւր:

«Այո՛, Մուպարիզ Ահմետզատէ այս անգամ որոշած է վերացնել քրիստոնէական պատմական յուշարձանները: Ան Զաքաթալա քաղաքին մէջ գտնուող 5-6-րդ դարու քրիստոնէական եկեղեցին վերածած է թէյարանի, եկեղեցւոյ սենեակներէն մէկն ալ երկաթէ դուռով փակած եւ կ՛օգտագործէ իբրեւ պահեստանոց: Անոր այդ կամայական եւ յանցագործ վարմունքին համար պայման կը ստեղծէ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Զաքաթալայի ներկայացուցիչ Զումրուտ Աթաքիշիեւան ու Թարլան Ահմետովը: Կ՛երեւի այն բանին համար, որ այս երկու անձերը բազմաթիւ անգամներ պարգեւներ ստացած են «հասարակական-քաղաքական կեանքին աշխուժ մասնակցութեան համար»:

«Ատոր անունը խայտառակութիւն է, դիտավարութիւն` պատմական արժէքի նկատմամբ: Այդ մարդոց կատարածը կը համապատասխանէ «կացինի կոթը մեզմէ» օրինակին, եւ մեր մէջ այդպիսի վանտալներ ըլլալու պարագային մեզի թշնամի պէտք չէ», ըսած են բնակիչները:

Տեղւոյն բնակիչները մամուլէն խնդրած են պետական պաշտօնեաներուն կարելիութիւն չտալ վերացնելու պատմական արժէքները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+