14 Nisan 2016
Ուաշինկթընի մէջ ոստիկանութեան տուեալներով ձերբակալուած են փտածութեան դէմ բողոքի ցոյցի աւելի քան 400 մասնակիցներ:
Քափիթըլ Հիլի մօտ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակիցները նաեւ պահանջած են ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարել: Անոնք վանկարկած են. «Մէկ մարդ, մէկ քուէ» եւ «Դրամը տեղ չունի քաղաքականութեան մէջ» կարգախօսները:
Ոստիկանութիւնը բազմութիւնը բաժնած է երկու մասի: Անօրինական գործողութիւններու համար ձերբակալուած ցուցարարները ձեռնակապերով տարուած են փոխադրակառքեր:
11 ապրիլի ցոյցը կատարուած է «Ժողովրդավարական գարուն» խորագիրի տակ բողոքի ցոյցերուն ծիրին մէջ: