21 Mart 2016
Շաբաթ, 19 մարտին Պոլսոյ «Իսթիքլալ» պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որուն հետեւանքով սպաննուեցան 5 անձեր եւ արձանագրուեցաւ աւելի քան 37 վիրաւոր:
Պոլսոյ նահանգապետը յայտարարեց‚ որ Պէյօղլու շրջանի «Անկախութիւն» թաղին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով սպաննուած 4 անձերէն 3-ը իսրայէլացիներ են:
Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի‚ Պոլսոյ պայթումը ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն մըն էր, որ աւելի ուշ յայտնաբերուած է, որ իրականացած է ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին կողմէ:
Թրքական «Վաթան» թերթը հաղորդած է, թէ անձնասպանական գործողութիւն կատարողին անունը Սվաշ Ելտըզ է, որ աւելի քան 1 տարի է կը հետապնդուի թրքական ապահովական կառոյցներուն կողմէ: