19 Mart 2016
Էսոշիէյթըտ Փրես հաղորդեց, որ Գերմանիան ապահովական նկատառումներով փակած է Թուրքիոյ մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր յայտնեց, որ որոշուած է փակել Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունն ու Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանը, ինչպէս նաեւ երկու քաղաքներուն մէջ գտնուող գերմանական դպրոցները` ապահովական նախազգուշացում ստանալէ ետք:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պերլինի մէջ լրագրողներուն յայտնած է. «Գոյութիւն ունին որոշ յստակ տեղեկութիւններ, թէ Թուրքիոյ մէջ մեր ներկայացուցչութիւններուն դէմ ահաբեկչական յարձակում կը սպասուի»:
Ան յայտնած է, որ անվտանգութեան մարմինները կը փորձեն յաւելեալ տեղեկութիւններ հաւաքել: Շթայնմայեր չէ յստակացուցած, թէ որքա՛ն ժամանակ փակ պիտի մնան իր երկրին ներկայացուցչութիւնները:
Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ վերջին ահաբեկչական արարքը տեղի ունեցաւ 13 մարտի երեկոյեան: Ատոր պատճառով սպաննուեցան 37 անձեր եւ արձանագրուեցան աւելի քան հարիւր վիրաւորներ:
Յունուարին Պոլսոյ մէջ 12 գերմանացի զբօսաշրջիկներ վիրաւորուած էին, երբ ՏԱՀԵՇ անձնասպանական գործողութիւն մը գործեց:
Միւս կողմէ, քրտական զինեալ խմբաւորում մը` ԹԱՔ-ը ստանձնեց կիրակի օր Անգարայի մէջ տեղի ունեցած յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Այդ խմբակը արդէն իսկ ստանձնած էր անցեալ ամիս Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ականահարման պատասխանատուութիւնը: