14 Mart 2016
Կիրակի, 13 Մարտ 2016-ին, Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքով օրհնուեցան Անթիլիասի Մայր տաճարն ու կաթողիկոսարանի բակերը ողողած ժողովուրդը:
Միաբան հայրերէ ու դպրեվանքի ժառանգաւորներէ կազմուած հայրապետական թափօրը վեհարանէն ծայր առաւ Մայր տաճարի զանգերուն ղօղանջներուն ներքեւ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճար առաջնորդեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որուն առջեւէն կ’ընթանար կաթողիկոսարանի սրբազան մասունքները պարփակող 250-ամեայ արծաթապատ արկղը: Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն Սիսէն Հալէպ եւ ապա Անթիլիաս բերուած ու իր ժողովուրդի տառապանքին ճակատագրակիցը, ականատեսն ու վկան հանդիսացած այս արկղին վրայ քանդակուած են Հայ եկեղեցւոյ երկրորդ լուսաւորիչին` Ս. Գրիգորի կրած չարչարանքները, նախքան Խոր Վիրապ մուտքը, չարչարանքներ, որոնք նաե՛ւ կը ներկայացնեն Անթիլիասի ուխտի օրուան խորհուրդը:
Ուխտի օրուան Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Կոմիտաս արք. Օհանեան: Քարոզի ընթացքին սրբազան հայրը անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի դերակատարութեան ըսաւ. «Հայոց երկրորդ Լուսաւորիչը` Ս. Գրիգոր, իբրեւ մշտական հովուապետ եւ հովիւ, ո՛ւժն է մեր եկեղեցւոյ եւ իր հովիւներուն ու հովուապետներուն, եւ կը մնայ հայ եկեղեցւոյ կենդանի մեծ սուրբը: Կը մնայ հայ եկեղեցւոյ ճարտարապետը: Կը մնայ իմաստուն եւ հեռատես հայրապետը, որ հաւատքի հրաւիրելով իր ժողովուրդը, նաե՛ւ միութեան, միասնութեան, սիրոյ եւ համերաշխութեան հրաւիրեց, որուն այնքա՜ն պէտք ունի մեր ժողովուրդը այսօր»: Ս. պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի:
1416a_31316
Պատարագի աւարտին դպրեվանքի ուսանողներէն, Լիբանանի քահանայից դասէն եւ միաբան հայրերէն կազմուած մեծաշուք թափօրը սկսաւ խուռներամ բազմութեան մէջ: Վեհափառ հայրապետը կը գլխաւորէր թափօրը` ձեռքին ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջին մասունքը, որուն օրհնութիւնը կը բաշխէր ժողովուրդին: Երեխայ թէ մեծահասակ, այր թէ կին ամենայն երկիւղածութեամբ եւ զեղուն հաւատքով կը մօտենային Ս. Աջին ու սուրբերու մասունքներուն` օրհնութիւն ստանալու ակնածանքով եւ անոնց բարեխօսութեան դիմելով: Պատարագին ներկայ գտնուեցան եւ թափօրին մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ Ղարաբաղէն իրեն ընկերակցող պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ:
Թափօրի աւարտին վեհափառ հայրապետը միաբան հայրերու առաջնորդութեամբ բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս, յանուն մեծ սուրբին հաւատքին հաւատարիմ մնացած ժողովուրդին, ընթերցեց «հաւատքի հօր» նուիրուած եւ հայրապետական իր գրիչով խմբագրած աղօթքը` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քեզի կը դիմենք ուխտաւոր զաւակներս, Բարձրեալ Աստուծոյ մեծանուն ուխտաւորիդ, ո՜վ Գրիգոր սուրբ հայրապետ: Դո՛ւն, որ աւետարանական ճշմարտութիւններով սնած եւ Քրիստոսի սիրով բոցավառ ուխտեցիր հաւատարմութեամբ ծառայել Աստուծոյ Որդւոյն, ո՜վ երանելի սուրբ հովուապետ հայ ժողովուրդի: Դո՛ւն, որ Քրիստոսի երկնային քաղցրութիւնը ճաշակելով կեանքդ իբրեւ կենդանի պատարագ ընծայեցիր Անոր, ո՜վ սքանչելագործ վկայ Քրիստոսի: Քու ժայռեղէն հաւատքովդ պահէ ու պահպանէ՛ մեր կեանքը` հայ ժողովուրդի հաւատքի առաքեալ. քանդէ՛ ու փշրէ՛ մեր շուրջը կանգնած մոլութիւններու եւ մեղքերու պատուարը ու մեզ առաջնորդէ՛ երկնային շնորհներու ու առաքինութիւններու յաւերժահոս աղբիւրը»:
Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին, Մայր տաճարի աւագ խորանին վրայ տեղադրուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքը: Միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ սրբազան մասունքը մինչեւ ուշ երեկոյ մնաց Մայր տաճարին մէջ, որպէսզի բազմահազար ուխտաւորներուն առիթ ընծայուի հաղորդակից դառնալու մեծ սուրբին եւ օրհնութիւն ստանալու համբուրելով սրբազան Աջի մասունքը: