08 Mart 2016
Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով քրտական «ՊասՆիուզ» կայքը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ գրեթէ աւարտած են հիւսիսային Սուրիոյ Հասաքա նահանգին մէջ օդուժի առաջին կայանի կառուցումը եւ անցած են երկրորդի մը ստեղծման:
Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրեն երկրորդ կայանը կառուցել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, որ կը գտնուի քիւրտերու վերահսկողութեան տակ:
Կայքին տուեալներով` ամերիկեան օդուժի ռազմակայանները կրկնակի նպաստ ունին. այդ տեղերէն պիտի կատարուին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ալ զինուորական թռիչքներ:
Առաջին ռազմակայանը կը գտնուի Հասաքէի Ռմէյլան քաղաքին մօտ: Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու աղբիւրի մը տուեալներով` արդէն գրեթէ աւարտած է էջուղիի շինարարութիւնը: Օդուժի երկրորդ ռազմակայանը պիտի կառուցուի Արաբ Բունար քաղաքին մօտ` Թուրքիոյ հետ սահմանէն ոչ հեռու: