Գերմանիոյ «Կանաչներ»-ը Կը Խոստանան 25 Փետրուարին «Գորգին Տակէն Հանել» Ցեղասպանութեան Հարցը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

24 Şubat 2016  

Գերմանիոյ «Կանաչներ»-ը Կը Խոստանան 25 Փետրուարին «Գորգին Տակէն Հանել» Ցեղասպանութեան Հարցը -

Գերմանիոյ «Կանաչներ»-ը Կը Խոստանան 25 Փետրուարին «Գորգին Տակէն Հանել» Ցեղասպանութեան Հարցը Գերմանիոյ «Կանաչներ»-ը Կը Խոստանան 25 Փետրուարին «Գորգին Տակէն Հանել» Ցեղասպանութեան Հարցը

Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանը 25 փետրուարի նիստի իր օրակարգին մէջ ներառած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող հարցը, զոր քննարկելու համար առաջարկ ներկայացուցած էր «Միութիւն 90-Կանաչներ» խմբակցութիւնը: 25 փետրուարին, օրուան երկրորդ կիսուն, Պերլինի ժամանակացոյցով ժամը 15:45-ին, քաղաքական այդ ուժը հանդէս պիտի գայ զեկուցումով մը, որուն ներկայացման եւ քննարկման համար նախատեսուած է 45 վայրկեան:

Գերմանիոյ «Կանաչներ» կուսակցութեան նախագահ Ճեմ Էօզտեմիր ըսած է, թէ այս քննարկումը չի կատարուիր պարզապէս յիշատակման համար, այլ` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծը ներկայացնելու նպատակով:

«Յոյս ունիմ, որ ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը յաջողին խորհրդարանին մէջ համաձայնիլ 100 տարի առաջ իրագործուած Ցեղասպանութեան շուրջ: Ասիկա շատ կարեւոր ազդակ մը պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Պէտք է նախ շեշտել, թէ տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն էր եւ ապա հաստատել, որ Գերմանիա մեղսակից էր անոր: Նաեւ, մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ հայ-թրքական սահմանը բացուի», ըսած է ան:

«Կանաչներ» կուսակցութիւնը առաջարկած է, որ քննարկման յաջորդէ քուէարկութիւն: «Սակայն յստակ չէ, թէ իշխող ուժերը ունի՞ն այդպիսի տրամադրութիւն: Եթէ ոչ, ապա հինգշաբթի տեղի կ՛ունենայ միայն քննարկում եւ ոչ թէ քուէարկութիւն: Այդ պարագային, բանաձեւը կրկին կը ղրկուի յանձնախումբեր` քննարկման համար, ուր անիկա կրնայ 2015-ի ապրիլ 24-ին ներկայացուած բանաձեւի ճակատագիրին ենթարկուիլ, այսինքն` անտեսուիլ, քանի որ իշխող համախմբումը հետաքրքրուած չէ այդ նիւթի քննարկումով», մանրամասնած է Էօզտեմիր:

Այն հարցումին, թէ որքանո՞վ հաւանական է բանաձեւին վաւերացումը` Էօզտեմիր պատասխանած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պաշտօնապէս արդէն իսկ խօսած է երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, սակայն կառավարութիւնը կը փափաքի հարցը կրկին «գորգի տակ պահել»` քաղաքական շահերէ մղուած:

«Կը կարծեմ, որ այդ մէկը ընել պիտի չյաջողին: Նոյնիսկ եթէ մեր փափաքին հակառակ` ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միասնական բանաձեւ մը չըլլայ, վստահ եմ, որ զեկուցողները պիտի կիսեն «Կանաչներ» կուսակցութեան հիմնաւորումներն ու տեսակէտները», ըսած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+