Սուրիական Բանակը Կ՝ազատագրէ՞ Թէ Կը Գրաւէ Հալէպը… - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

12 Şubat 2016  

Սուրիական Բանակը Կ՝ազատագրէ՞ Թէ Կը Գրաւէ Հալէպը… -

Սուրիական Բանակը Կ՝ազատագրէ՞ Թէ Կը Գրաւէ Հալէպը… Սուրիական Բանակը Կ՝ազատագրէ՞ Թէ Կը Գրաւէ Հալէպը…

Արեւմտեան եւ Արաբական Ծոցի կարգ մը պետութիւններու սեւ գումարներով հովանաւորուող քարոզչական աղբիւրները, Հալէպի շուրջ ծաւալող բախումներուն մասին թիւր տպաւորութիւն մը կը փորձեն ստեղծել: Ուրեմն, սուրիական բանակը վճռած է յարձակիլ Հալէպի վրայ…: Ոմանք կը մոռնան, որ Հալէպը իբրեւ՝ տարածաշրջան, քաղաքական եւ վարչական կեդրոն, իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, մեծամասնութեամբ՝ հաւատարիմ կը մնայ Սուրիոյ օրինական իշխանութիւններուն: Նոյնպէս ալ՝ բնակչութիւնը: Ի զուր ապստամբ քաղաքի պատմուճան կ’աշխատին հագցնել Հալէպին:Այնպէս ներկայացնել ՝ Հալէպի ժողովուրդը ապստամբութեան դրօշ բարձրացուցած է իշխանութիւններուն դէմ եւ կամ՝ բանակը կուրօրէն կը ռմբակոծէ քաղաքի խաղաղ բնակիչները:

Հալէպ եղած է Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը: 2012-ին, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները փորձեցին իրենց հակակշիռին տակ վերցնել Սուրիոյ գլխաւոր քաղաքներ՝ Դամասկոսը եւ Հալէպը: Դամասկոսի վրայ յարձակումը ետ մղուեցաւ: Հալէպի պարագային, ահաբեկիչները յաջողեցան յափշտակել որոշ շրջաններ: Քանդեցին ու կողոպտեցին անոր գործարանները, արդիւնաբերական կեդրոնները,արհեստանոցները,առեւտրական շուկաները, մզկիթները, եկեղեցիները, կրթական հաստատութիւնները, մշակոյթը, պատմութիւնը…: Հալէպցիները մնացին անդրդուելի: Անոնք մերժեցին իրենց հայրենիքին, իշխանութիւններուն դէմ արտաքին միջամտութիւնները, առաւել եւս՝ ծայրայեղական թեքումներով զինեալ կազմակերպութիւններու ներկայութիւնը: Եկաւ ժամանակ, երբ «ժողովրդավարութեան» անունով, աւելի քան ութսուն երկիրներէ խուժած վարձկաններ յաջողեցան պաշարել, կղզիացնել օրինական իշխանութիւններուն հաւատարիմ Հալէպի շրջանները: Դժուարին այդ օրերուն,կառավարութիւնը հազիւ օդային ճանապարհներով եւ սահմանափակ քանակութեամբ օժանդակութիւն կրցաւ առաքել Հալէպի բնակչութեան: Հալէպի բնակչութիւնը սակարկութեան չդրաւ իր հաւատարմութիւնը:

Այսօր պատկերը յեղաշրջուած է: Սուրիական բանակը արտաքին աշխարհէն փակած է Հալէպի ահաբեկչական որջերուն զէնք հայթայթող ճանապարհները: Կ’ողբան Էրտողանը եւ Տաւուտօղլուն…..: Իրենց Հալէպի «եղբայրները» առանձին չլքելու խոստումներ կու տան..: Սուրիական բանակը չի «գրաւեր» Հալէպը, զայն կը պաշտպանէ ահաբեկիչներէն: Քայլ մը, որուն պիտի դիմէր իր սուրբ հողը ազատագրելու ելած որեւէ բանակ: Հասած է Հալէպը ահաբեկիչներէն ազատագրելու պահը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+