1921-ի Ռուս-Թրքական Բարեկամութեան Մասին Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկ. «Անգարա Գիտէ, Թէ Մոսկուայի Հետ Յարաբերո - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

10 Şubat 2016  

1921-ի Ռուս-Թրքական Բարեկամութեան Մասին Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկ. «Անգարա Գիտէ, Թէ Մոսկուայի Հետ Յարաբերո -

1921-ի Ռուս-Թրքական Բարեկամութեան Մասին Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկ. «Անգարա Գիտէ, Թէ Մոսկուայի Հետ Յարաբերո 1921-ի Ռուս-Թրքական Բարեկամութեան Մասին Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկ. «Անգարա Գիտէ, Թէ Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Համար

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Մեշքով յայտարարեց. «Անգարա գիտէ, թէ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար ճիշդ ի՛նչ պէտք է ընէ»:

«Թուրքիան պէտք է փոխհատուցում կատարէ անցեալ 24 նոյեմբերին ռուսական «Սու-24» օդանաւը վար առնելուն համար, ներում հայցէ եւ խոստանայ այսպիսի յարձակումներ չգործել», ըսաւ ան:

«Լարուածութիւնը մագլցումի մղելու եւ Ռուսիոյ դէմ շինծու ամբաստանութիւններ ուղղելու փոխարէն, թուրքերը պէտք է հայելիին նային եւ երկիրներուն միջեւ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ պէտք եղածը կատարեն, իսկ մեր կեցուածքը չէ փոխուած», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տումայի Համայնավար կուսակցութենէն անդամներ Վալերի Ռաշքին եւ Սերկէյ Օպուխով նամակ յղած են Ռուսիոյ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին` առաջարկելով ջնջել 16 մարտ 1921-ի Մոսկուայի ռուս-թրքական բարեկամութեան եւ եղբայրութեան մասին համաձայնագիրը:

Անոնք իրենց նամակին մէջ այդ քայլը հիմնաւորած են Թուրքիոյ յարձակողապաշտ կեցուածքով:

Ռուսական լրատուամիջոցներու տրամադրութեան տակ յայտնուած նամակին մէջ հիմնաւորումներու շարքին նշուած է նաեւ. «Վրաստանը եւ Հայաստանը չեն ճանչնար համաձայնագիրին պայմանները` զանոնք անարդար նկատելով»:

Կը նշուի, որ այս նախաձեռնութեան կը սատարեն նաեւ Արդար Ռուսիա կուսակցութեան անդամներ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանը չ՛ընդունիր Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրները, որոնցմով պոլշեւիկեան Ռուսիան Թուրքիոյ յանձնեց Կարսի նահանգը, Սուրմալուն` Արարատ լեռով միասին:

Կը յիշեցուի, որ 2005-ին Վրաստանը ջնջած է Կարսի համաձայնագիրը: Իսկ մինչ այդ այդպիսի փորձեր կատարած է նաեւ խորհրդային իշխանութիւնը, սակայն Ստալինի մահէն ետք փորձերը դադրեցուած են:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+