10 Şubat 2016
Tert.am կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ անծանօթներ ներխուժած են հայ տարեց զոյգի մը բնակարանը, զանոնք կապած, ապա թալանած ու հեռացած:
Կապկպուած 87-ամեայ Յակոբ Տեմիրճին մահացած է, իսկ ոստիկաններն ու փրկարարները կրցած են փրկել անոր կինը` Սեդա Այտա Տեմիրճին:
Դէպքին մասին առաջինը ահազանգած է անոնց տան աշխատողը, որ գացած է զոյգի տունը, սակայն դուռը բացող չէ եղած: Ան դիմած է տարեց զոյգի ազգականներուն, որոնք ալ հեռաձայնած են ու պատասխան չստանալով դիմած ոստիկանութեան:
Ոստիկաններն ու փրկարարները երրորդ յարկի պատուհանէն մուտք գործած են տուն եւ զոյգը գտած կապկպուած բերաններով:
Փրկարարները տեսած են, որ 79-ամեայ կինը ողջ է, եւ զայն տեղափոխած են հիւանդանոց: Տղամարդը արդէն մահացած էր: