03 Şubat 2016
Քանդակագործութեան ազգային պարկ-թանգարանը Անիի Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ պատկանելութեան վիճարկման եւ թերի վերկանգնման առիթով ստորագրահաւաք նախաձեռնած է:
Թանգարանի տնօրէն Արթուր Գէորգեան «Երկիրն այսօր»-ին ըսած է, որ այս նախաձեռնութեան առիթը օրեր առաջ համացանցին մէջ յայտնուած լուսանկարն է: Անոր մէջ Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ ցուցանակն է` եկեղեցւոյ` վրացական պատկնելութեան մասին գրութեամբ: Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ժառանգութեան համաձայնագիրի յանձնախումբին եւ ամբողջ աշխարհի մտաւորականութեան ուղղուած նամակին մէջ կը նշուի, որ Տիգրան Հոնենց եկեղեցւոյ ազգային եւ դաւանաբանական պատկանելիութեան վառ ապացոյցները եկեղեցւոյ` Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի տանջանքները պատկերող որմնանկարներն են:
Ստորագրահաւաքի նախաձեռնողները ոլորտի թրքական պատասխանատու կառոյցներէն կը պահանջեն զերծ մնալ եկեղեցւոյ պատմական պատկանելիութեան շուրջ յայտարարութիւններէ, եկեղեցւոյ մօտ տեղադրուած ցուցանակին մէջ նշել, որ անիկա հայկական քրիստոնէական եկեղեցի է, կը պահանջեն այս փուլով չամփոփել եկեղեցւոյ գմբէթի շինարարութիւնը եւ յայտարարել յետագայ աշխատանքներու ընթացքն ու նպատակները, նաեւ զերծ մնալ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային հակամարտութեան հարահրումէն:
Ստորագրահաւաքը կ՛իրականացուի change.org կայքին մէջ: Միացէ՛ք