Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

03 Şubat 2016  

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը -

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Պաշտօնական այցելութեամբ 30 յունուարէն 2 փետրուար Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելի երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:

Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման, պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-վրացական փոխադարձ գործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր, կը փոխանցէ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքը:

«Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է հայ-վրացական աւանդական գործընկերային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռուած մօտեցումներուն կարեւորութիւնը շրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման տեսանկիւնէն: Նախարար Թինաթին Խիտաշելի նշած է, որ Վրաստանի մէջ մեծապէս կը գնահատեն հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարի դրացիական յարաբերութիւնները, եւ ընդգծած, որ շրջանին մէջ նման հին պատմութիւն ունեցող բարեկամ ժողովուրդներուն ոչինչ կրնայ բաժնել այն ճամբայէն, որ անոնք սկսած են հազարամեակներ առաջ ու միասին պիտի շարունակեն նոյնքան երկար տարիներ», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած են Խիտաշելիի այցելութեան ծիրին մէջ հայ-վրացական զինուորական համագործակցութեան ուղղութեամբ միջնախարարական քննարկումներու արդիւնքով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

Զինուորական Համագործակցութեան Ծրագիրի
Ստորագրութիւն` Հայաստանի Եւ Վրաստանի Միջեւ
vras-2_020116

Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանական նախարարութիւններուն մէջ միջազգային համագործակցութեան համար պատասխանատու պաշտօնեաները 1 փետրուարին ստորագրեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2016-ի զինուորական համագործակցութեան ծրագիրը, որուն հիմնական ուղղութիւններն են` փորձառութեան փոխանակումը խաղաղապահութեան, զինուորական կրթութեան, մասնագիտական վերապատրաստման եւ ռազմավարական ծրագրաւորման մարզերուն մէջ:

Նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւններուն, միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Նախարար Օհանեան դիտել տուած է, թէ հակառակ անոր որ երկու երկիրները անվտանգութեան տարբեր համակարգերու մէջ են, բայց եւ այնպէս ոչինչ կը խանգարէ, որ համապատասխան կարելիութիւններ ստեղծուին շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման ի խնդիր:

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր հայ զինուորներուն: Ան աւելցուցած է, որ երկու շաբաթ առաջ կարելիութիւն ունեցած է Աֆղանիստանի մէջ տեսնել հայ եւ վրացի խաղաղապահները, որոնք միասնաբար կը ծառայեն յանուն խաղաղութեան: «Հոս կը գտնուիմ խօսելու մեզ միաւորող հարցերուն մասին. նախ եւ առաջ` Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան: Ասիկա այն հիմնական եւ կարեւոր կէտերէն մէկն է, որ կրնայ մեզ միաւորել», յայտնած է Թինաթին Խիտաշելի:

Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Անդրադարձ` Հայոց Եւ Վրաց Եկեղեցիներու
Յարաբերութիւններուն
vras-3_020116

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս 1 փետրուարին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ողջունած է դրացի երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած սերտ կապերը` գոհունակութեամբ փաստելով նաեւ պետական տարբեր մակարդակներու մէջ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը:

Խօսելով հայոց եւ վրաց եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն մասին` վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնած է, որ վիրահայութեան հոգեւոր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ոգիին համահունչ կը գտնեն իրենց անհրաժեշտ լուծումը:

Թինաթին Խիտաշելի նշած է, որ քաջատեղեակ է հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ հայ եկեղեցւոյ ունեցած իւրայատուկ դերակատարութեան:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման հրամայականներուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+