Հոլլանտ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծի Պատրաստութիւնը Վստահած Է Ժան Փոլ Քոսթայի - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

30 Ocak 2016  

Հոլլանտ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծի Պատրաստութիւնը Վստահած Է Ժան Փոլ Քոսթայի -

Հոլլանտ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծի Պատրաստութիւնը Վստահած Է Ժան Փոլ Քոսթայի Հոլլանտ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծի Պատրաստութիւնը Վստահած Է Ժան Փոլ Քոսթայի

Արմէնփրես կը հաղորդէ, որ Փարիզի «Լ՛Օթել տիւ Քոլլեքսիոնէօր»-ի մէջ 28 յունուարի երեկոյեան տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ եղած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, աջակողմեան կուսակցութեան անդամ Փաթրիք Տեւեճեան, Սորպոն համալսարանի հայազգի դասախօս Մարք Մուկալեան, որ 21 օգոստոս 2015-ին առաջինն էր, որ փորձած էր կանգնեցնել Փարիզ-Պրիւքսէլ գնացքի ահաբեկիչը եւ Ֆրանսայի նախագահին կողմէ արժանացած Ֆրանսայի Քաջութեան չորրորդ աստիճանի պարգեւի, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ:

Հոլլանտ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ վերսկսած են Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի պատրաստման շուրջ քննարկումները` նշելով, որ այդ օրէնքին պատրաստութիւնը վստահած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային:

Hollande_Costa_012816

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Էլիզէի պալատի պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Հոլլանտ յայտարարած է. «Ես յորդորած եմ Ժան Փոլ Քոսթային, որ մեր լաւագոյն իրաւաբաններէն մէկն է, որպէսզի մեր օրէնսդրութեան մէջ գտնէ որեւէ ծանրակշիռ ճամբայ, որ անվիճելիօրէն պիտի պաշտպանէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնը»:

Ֆրանսայի նախագահը աւելցուցած է, որ Ժան Փոլ Քոսթա կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ պիտի փորձէ գտնել բոլոր երաշխիքները, որպէսզի այնուհետեւ օրէնքի հետ կապուած իրաւական որեւէ տարակարծութիւն չըլլայ:

Հոլլանտ դիմելով ներկաներուն նշած է, որ գիտէ, թէ ինչպիսի՛ դժգոհութիւններ յառաջացած են 2012-ին ներկայացուած օրէնքի չընդունման շուրջ, որ անոր խօսքով, թերեւս ներկայացուած էր հապճեպ կերպով, այդ պատճառով ալ յառաջացած էին սահմանադրականութեան հետ կապուած խնդիրներ: Միաժամանակ, Հոլլանտ կարեւոր նկատած է նոր օրէնքի անվերապահ սահմանադրականութիւնը, որովհետեւ եթէ զայն բողոքարկեն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ, «ապա ատիկա պիտի ըլլայ սարսափելի պարտութիւն Ֆրանսայի համար եւ Հայ դատի ուրացում»:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ վստահեցուցած է, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման իր խոստումը որեւէ կապ չունի ընտրութիւններուն հետ: «Խնդիրը հաշտեցնելն է: Հայաստանը եւ Թուրքիան միշտ պէտք է գիտնան, որ Ֆրանսա իրենց կողքին է` պիտի օգնէ անոնց գտնել երկխօսութիւն», ըսած է Հոլլանտ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+