21 Ocak 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ իրենց գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ երկու երկիրներու նախագահները խոստացած են շարունակել ահաբեկչութեան, մասնաւորաբար ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ գործակցութիւնը:
Աղբիւրները նաեւ նշեցին, որ Օպամա Էրտողանին հեռաձայնած է Պոլսոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումին, ինչպէս նաեւ Տիգրանակերտի մէջ ՔԱԿ-ի յարձակումին զոհերուն համար ցաւակցութիւն յայտնելու:
Սպիտակ տունը իր կարգին յայտնեց, որ Օպամա նաեւ դատապարտած է ՔԱԿ-ի կողմէ վերջերս շղթայազերծուած յարձակումներու շարքը եւ կացութեան հանդարտեցման կարիքը շեշտած: