12 Ocak 2016
Նախնական տեղեկութիւններով` Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր չկան, կը յայտնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջէն:
Յիշեցնենք, որ այսօր Սթամպուլի Կեդրոնին մէջ գտնուող Սուլթանահմետ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է ուժեղ պայթիւն: Կան զոհեր եւ վիրաւորներ: