12 Ocak 2016
Հալէպի մէջ սով չկայ, մարդիկ շուն եւ կատու չեն ուտեր, պարզապէս ահռելի գնաճ է եւ ծանր պայմաններ: Այս մասին «Թերթ»-ին յայտնեց Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` անդրադառնալով այն տեղեկութեան, որ Սուրիոյ մէջ մարդիկ ստիպուած են խոտ, շուն, կատու ուտել` ողջ մնալու համար:
«Այլ շրջաններու մէջ տիրող վիճակին մասին չեմ կրնար խօսիլ, սակայն Հալէպի մէջ նման վիճակ չկայ, խանութներէն ամէն տեսակի սնունդ կարելի է գնել, եթէ թիւը վճարելու կարողութիւնը ունենաս», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան` յստակեցնելով, որ Սուրիոյ մէջ սարսափելի գնաճ կայ, ժողովուրդի դժուար տնտեսական պայմաններ:
«Եւ այդ պատճառով բարեսիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ իրենց օգնութիւնը չեն զլանար», ըսաւ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբերը:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ռուսական ռմբակոծութիւններէն ետք ի՛նչ տրամադրութիւններ կը տիրեն 5-ամեայ քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնուող սուրիահայութեան շրջանակներուն մէջ, կը շարունակե՞ն լքել գաղութը, թէ՞ կը վերադառնան, Ժիրայր Ռէյիսեան ըսաւ, որ ամէն մէկը ինք կ՛որոշէ` կան մարդիկ, որոնք վերադարձած են ու կը վերադառնան, կան, որոնք կը լքեն նոյնիսկ հիմա: