22 Aralık 2015
Ամերիկեան յայտնի Keeping Up With Kardashians իրապատումի աստղ Քիմ Քարտաշեանի եւ աշխարհահռչակ ռեփըր Քանիէ Ուեսթի նորածին որդին պիտի մկրտուի Երուսաղէմի հայկական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:
Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս մասին կը գրէ Israel National News-ը` նշելով, որ Սէինթ Ուեսթը պիտի ըլլայ ընտանիքին երկրորդ զաւակը, որ պիտի մկրտուի Երուսաղէմի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, քանի որ 2015 թուականի Ապրիլին հոն մկրտուած էր անոնց դուստրը` Նորթը:
Իսրայէլական լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Սէինթ Ուեսթը, որ 25 տոկոսով հայ է, ծնած էր Դեկտեմբերի սկիզբը, որմէ ետք լոնտոնեան Daily Mail-ը, յենուելով անանուն աղբիւրի մը վրայ, տեղեկացուց էր, որ զոյգը կը պատրաստուի հայկական եկեղեցւոյ մէջ մկրտել երեխան:
Կը հաղորդուի, որ Քիմն ու Քանիէն մտադրուած էին սենեակ ամրագրել Երուսաղէմի Waldorf Astoria –ի հիւրանոցին մէջ, սակայն երբ այդ մասին յայտնի դարձած է հանրութեան, անոնք հիւրանոցը փոխած են: Իսրայէլական անվտանգութիւնը ապահովող ընկերութիւններէն մէկը, որ մասնագիտացած է VIP անձերու սպասարկելու ոլորտին մէջ, արդէն վարձուած է յայտնի զոյգին համար: