Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատ Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

14 Aralık 2015  

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատ Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ -

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատ Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատ Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլսոյ «Ճազայիր» մամլոյ ասուլիսներու եւ համագումարներու յատուկ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին նուիրուած մամլոյ ասուլիս` կազմակերպութեամբ դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբաններու: Մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան` վարիչ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան` վարիչ լսատեսողական բաժանմունքի:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Թուրքիոյ եւ միջազգային մամուլի կարեւոր օրկաններու ներկայացուցիչները` «Ճումհուրիյէթ», «Հիւրրիյէթ», «Ռատիքալ», «Ռոյթըրզ» եւ «Պի.Պի.Սի.», ինչպէս նաեւ քաղաքական զանազան հոսանքներու պատկանող մտաւորականներ, Թուրքիոյ մէջ Իրլանտայի եւ Հոլանտայի հիւպատոսները ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան:

Յայտնենք, որ դատի յանձնախումբը նման ասուլիսներ կազմակերպած էր Ուաշինկթընի, Ժընեւի եւ Լիբանանի մէջ, իսկ միջազգային մամուլը զանազան առիթներով` յատկապէս Արամ Ա. կաթողիկոսի ունեցած հարցազրոյցներուն ճամբով, արձագանգած էր դատին մասին:

Առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ այս դատին մասին տեղի կ՛ունենար մամլոյ ասուլիս, որուն նպատակն էր թրքական մամուլին ճամբով լայն տեղեկութիւններ փոխանցել Թուրքիոյ ժողովուրդին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսք առին դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլու, Հայոց ցեղասպանութեան մասնագէտ Թաներ Աքչամ եւ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Կաթողիկոսարանի բացած դատը լայն հետաքրքրութիւն արթնցուց ներկաներուն մօտ, որոնք զանազան հարցումներու միջոցով յաւելեալ լուսաբանութիւններ խնդրեցին: Ներկաներէն ոմանք շեշտեցին յիշեալ դատին կարեւորութիւնը, 100 տարիներ ետք զայն նկատելով եզակի նախաձեռնութիւն մը` յոյս յայտնելով, որ թուրք պետութեան համար ասիկա առիթ մը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութեան վերականգնումին:

Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն շուրջ 50 թրքական լրատուամիջոցներ` օրաթերթեր, կայքեր, ընկերային լրատուամիջոցներ, պլոկներ, լայնօրէն անդրադարձան դատին: Այս առիթով Պետրոս վրդ. Մանուէլեան հարցազրոյցներ ունեցաւ Կարօ Փայլանի (Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ), Ճենկիզ Աքթարի (քաղաքագէտ եւ մտաւորական), Մեհմէտ Ալթանի (մտաւորական) եւ Այլա Ժան Եաալքի («Ռոյթըրզ»-ի լրագրող) հետ. հարցազրոյցներուն ամփոփ տեսերիզը կրնաք տեսնել կաթողիկոսարանի կայքին վրայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+