09 Aralık 2015
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով միջազգային ժողովը պիտի գումարուի 18 դեկտեմբերին` Նիւ Եորքի մէջ: Սակայն նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «տակաւին կանուխ է Սուրիոյ հարցով 18 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած ժողովին մեր մասնակցութեան պատրաստակամութեան մասին խօսելու»` նշելով. «Կարելի չէ Սուրիոյ մէջ զինադադարի շուրջ երկխօսութեան սկսիլ, նախքան ահաբեկիչներու ցանկի ճշդումը»:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց, որ «անպայման պէտք է աճապարել Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի հաստատելու»` աւելցնելով. «Մենք աշխարհին կոչ կ՛ուղղենք զօրակցելու այս ծրագիրին»: