07 Aralık 2015
Դեկտեմբեր 5-ին Մարսէյլի շրջանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Մարտիկ քաղաքի Jardin Lapidaire այգիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի բացման եւ օծման հանդիսաւոր արարողութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը կը՝ վկայակոչելով Nouvelles d`Armenie-ի պարբերականը:
Բացման արարողութեան ներկայ էին Մարտիկի փոխքաղաքապետ Կապի Շարոն, Մարսէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ, պետական այրեր եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Խաչքարի բացման յաջորդեց «Հայկական յիշողութիւնը Bouches du- Rhône»-ի մէջ խորագիրով ցուցահանդէսի բացումը: