07 Aralık 2015
Պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու գտնուող Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Ազրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիային մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ հայերուն կոչ ուղղած է «վերադարձնելու» Լեռնային Ղարաբաղը:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան Հայաստանին պայմաններ թելադրելով ըսած է. «Եթէ դուք սկսիք խաղաղութեան հոլովոյթը` ձեզի չպատկանող հողերը վերադարձնելով անոնց, որոնց կը պատկանին, դուք ալ պիտի կարենաք մասնակցիլ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած խաղաղութեան դաշինքին»:
Ան աւելցուցած է, որ իրենք պիտի շարունակեն ըլլալ Ազրպէյճանի կողքին: