29 Kasım 2015
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ կը գտնուի Պաքու, յայտարարած է, որ իր երկրի վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու եւս յառաջիկային պիտի այցելէ Ազրպէյճան:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 3 դեկտեմբերին Պաքու իր այցելութեան ընթացքին պիտի ունենայ շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուի երկկողմանի համագործակցութեան եւ շրջանային օրակարգի հարցեր:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ աւանդութեան վերածուած են կառավարութեան կազմի իւրաքանչիւր փոփոխութենէ ետք վարչապետի, նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնները Ազրպէյճան եւ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն: