25 Kasım 2015
Երեւանի մէջ պիտի բացուի Իրինա Ռոտնինայի գեղասահքի մարզադպրոցը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, այսօր` Նոյեմբեր 25-ին, Երեւանի աւագանիի հերթական նիստին յաջորդած արտահերթ նիստին ժամանակ նշած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:
Երեւանի քաղաքապետը տեղեկացուցած է, որ աւագանիի անդամներու քննարկման ներկայացուած է «Երեւանի գեղասահքի եւ տափօղակով հոքէյի մանկապատանեկան մարզադպրոց» համայնքային ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը «Իրինա Ռոտնինայի գեղասահքի մարզադպրոց» ՀՈԱԿ անուանափոխելու մասին որոշման նախագիծը:
Ներկայացնելով որոշման նախագիծի ընդունման անհրաժեշտութիւնը` քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը մասնաւորապէս նշած է, որ «Բարեկեցութիւն» բարեգործական հիմնադրամը, որ կը հանդիսանայ Ծովակալ Իսակովի պողոտայի 27/10 հասցէին վրայ կառուցուած նոր մարզադպրոցի շինարարութեան պատուիրատուն, սոյն խնդրանքով դիմած է Երեւանի քաղաքապետին` յատկանշելով, որ գեղասահքի ողիմպիական եռակի, աշխարհի ու Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Իրինա Ռոտնինան իր անմիջական աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած է գեղասահքի դպրոցի կառուցման գաղափարը կեանքի կոչելու հարցով: Բացի այդ, որոշման նախագիծի ներկայացման համար հիմք ծառայած է նաեւ այն հանգամանքը, որ Իրինա Ռոտնինան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է մարզադպրոցը շահագործման յանձնելէ յետոյ գործուն աջակցութիւն ցուցաբերել հայկական գեղասահքի զարգացման գործին:
Աւագանին քուէարկութեամբ հաւանութիւն տուած է ներկայացուած որոշման նախագիծին: