24 Kasım 2015
Պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլեր իր 70-ամեայ ֆոթոարխիւը բոլոր հեղինակային իրաւունքներով յանձնած է իշխանութիւններուն պատկանող «Տողուշ» ընկերութեան, կը գրէ News.am-ը:
Թրքական Sozcu պարբերականի փոխանցմամբ` Արա Կիւլեր ստացուած գործարքի արդիւնքով ամսական պիտի ստանայ 50 հազար լիրա: Բացի այդ, «Տողուշ» ընկերութեան պիտի անցնի այն շէնքը, ուր կը գտնուի Ara Kafe-ն եւ Արա Կիւլերի լուսանկարչական գործիքներու հաւաքածոները:
Կը նշուի, որ Արա Կիւլերի արխիւն ու միւս միջոցները շահագործելու համար «Տողուշ»-ը պիտի ստեղծէ յատուկ ընկերութիւն, որուն բաժնետոմսերու 40 տոկոսը պիտի ըլլայ Արա Կիւլերի սեփականութիւնը:
Նշենք, որ Արա Կիւլերի արխիւը կը գնահատուի 3 միլիոն եւրօ: