24 Kasım 2015
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց‚ որ ռուսական «Սու-24» տիպի օդանաւ մը 6 հազար մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած ատեն ցամաքէն կրակոցի ենթարկուելուն պատճառով ջախջախուած է Սուրիա-Թուրքիա սահմանին մօտ։
Նախապէս թրքական զինուորական աղբիւր մը յայտնած էր‚ որ թրքական «Էֆ-16»-ի մը կողմէ վար առնուած է օդանաւ մը՝ Թուրքիոյ օդային տարածքը խզելուն համար, իսկ սուրիական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Նաշրա» կայքին յայտնած էին‚ որ սուրիական օդանաւ մը հակաօդային պաշտպանութեան զէնքերու կողմէ խոցուելէ ետք ջախջախուած է Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ։
«Ռոյթըրզ» իր կարգին նշեց, որ ռուսական օդանաւը վար առնուած թրքական 2 «Էֆ-16»-երու կողմէ։