16 Kasım 2015
RTL ֆրանսական ձայնասփիւռի կայանը կը յայտնէ, որ Փարիզի ահաբեկչութիւններուն կազմակերպիչը 27-ամեայ սուրիացի արմատական Ապտելհամիտ Ապաուտը եղած է:
Հետաքննութեան տուեալներով` Ապաուտը ֆինանսաւորած եւ կազմակերպած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնները: Զայն կը համարեն Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» ամենաաշխոյժ զինեալներէն մէկը, կը հաղորդէ News.am-ը՝ վայակոչելով Gazeta-ն:
Ապաուտի անունը արդէն յայտնուած էր Պելճիքայի մէջ կազմակերպուող ահաբեկչութիւններու հետաքննութեան ծիրէն ներս: Բացի այդ, ան այն ահաբեկիչներու շարքին էր, որոնց տարուան սկիզբը կը հետապնդէին Յունաստանի մէջ: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու` զայն ձերբակալած էին:
Կը հաղորդուի, որ Յունաստանով Եւրոպա մտած է սուրիացի ենթադրեալ մահապարտ ահաբեկիչ Ահմետ Ալմուհամետը: