Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Հոլլանտին - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

16 Kasım 2015  

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Հոլլանտին -

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Հոլլանտին Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Հոլլանտին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օր ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններուն առիթով: Հեռագիրին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի.

«Մեծարգո՛յ պարոն նախագահ, խորապէս ցնցուած եմ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած` աննախադէպ ահաբեկչութիւններուն լուրով: Խստագոյնս կը դատապարտեմ այդ զարհուրելի գործողութիւնները, որոնք բազմաթիւ անմեղ կեանքեր խլեցին:

«Վերջին տարիներուն աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ այսօրինակ անմարդկային բնոյթի բռնութիւններու աճը լուրջ մտահոգութեան տեղի կու տայ: Վստահ եմ, որ քաղաքակիրթ հանրութեան իւրաքանչիւր անդամ կը միանայ բոլորս պատուհասած այս չարիքին դէմ պայքարին: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ բռնութիւնը, ծայրայեղականութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը գերիշխեն: Մենք պարտաւոր ենք միացեալ ջանքերով բացայայտել եւ արմատախիլ ընել այն բոլոր գործօնները, որոնք ծայրայեղականութեան նման սարսափազդու դրսեւորումներու պատճառ կը դառնան:

«Այս դժուարին պահուն Հայաստանը եղբայր Ֆրանսայի կողքին է եւ պատրաստ է ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերել: Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ ձեզ, մեծարգո՛յ պարոն նախագահ, Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով համբերութիւն, ուժ ու կորով, իսկ վիրաւորներին` շուտափոյթ ապաքինում:

«Ֆրանսացի ժողովուրդին հետ են մեր աղօթքները, սրտերն ու հոգիները»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+